Tags:
Մենք եւ սենեակը

Մենք եւ սենեակը

54 0 1

Ես եւ ինքն էինք: Իրարու հետ կը կազմէինք մենք մը: Կամ գուցէ ես այդպէս կը կարծէի: Սենեակը կը միացնէր մեզ: Որքա՜ն շնորհակալ էի ես այդ ծառայասէր սենեակին՝ անոր կատարած բարիքին համար: Բայց սենեակը արդեօք իրապէս բաւարա՞ր էր միանալու: Քանի՜-քանի՜ սենեակներու մէջ փորձած էի այսպէս միանա՛լ մէկուն, մխրճուի՛լ անոր մէջ, նոյնանալ անոր: Ե՞ւ,- եւ ոչնչութիւն:…